2009-01-17 11:22:36

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն` 18 Յունուար 2009

Պղնձեայ օձը անապատին մէջ Յովհաննէս Գ. 13-21


 Հրէաները 40 տարի թափառեցան անապատին մէջ, հասնելէ առաջ խոստացուած երկիրը. Այդ շրջանին է որ ամէն տեսակ նեղութիւններու եւ փորձանքներու ենթարկուեցան. Ահա անոնցմէ մէկուն կ՛ակնարկէ Յիսուս երբ կը խօսի անապատի պղնձեայ օձին մասին զոր Մովսէս շինել տուաւ եւ բարձրացուց ժողովուրդին միջեւ։

Անապատին մէջ` բազմաթիւ օձեր սկսան խայթել ժողովուրդը եւ շատեր կը մեռնէին. Երբ գանգատեցան Մովսէսի եւ Մովսէս ալ իր կարգին` Աստուծոյ, Տէրը հրամայեց իրեն պղնձէ օձ մը դնել ժողովուրդի բանակավայրին կեդրոնը եւ տնօրինեց որ այն անձը որ կը խայթուի, եթէ այդ պղնձէ օձին նայի, պիտի չմեռնի այլ պիտի բուժուի։ Ադպէս ալ կատարեց Մովսէս եւ փրկուեցաւ ժողովուրդը մահուընէ։

Քրիստոս հոգեւոր գետնի վրայ կը փոխադրէ Մովսիսական պատմութիւնը. Թունալից օձերը սատանաներն են որոնք մարդիկը կ՛առաջնորդեն դէպի մեղքը. Խայթուածքները ծանր կամ մահացու մեղքերն են մարդոց. Որպէսզի քաւէ անոնց մեղքերը, Յիսուս պէտք էր մեռնիլ խաչի վրայ – այս է իմաստը բարձրանալուն – եւ իր մահովը փրկութիւն պիտի պարգեւէր բոլոր անոնց որոնք իրենք ակնարկը պիտի ուղղէին դէպի իրեն, այսինքն պիտի հաւատային իր խօսքերուն ու դարձի պիտի գային, ու այսպէսով վերստանային Աստուծոյ շնորհքը։

Յովհաննէս իր աւետարանի սկիզբէն ի վեր կը դաւանի թէ Մարդու Որդին, այսինքն Յիսուս կու գայ վերէն, Աստուծոյ քովէն. իր նախաբանը մեզ կը ներմուծէ Աստուծոյ խորհուրդին մէջ, Աստուծոյ Խօսքին – Բանին – խորհուրդին մէջ։ Բանը մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ կ՛ըսէ ան. Չ՛ըսեր մարմին առաւ, այլ մարմին եղաւ, ամբողջովին մարդկային էակ եղաւ եւ ասիկա միայն մէկ պատճառաւ, մեզ փրկելու համար յաւիտենական դատապարտութենէն։

Ինք երկինքն էր եւ իջաւ երկնքէն. Ոչ ոք իրեն պէս է. Ինք տարբեր է բոլորէն, թէեւ մարդ է լիովին. Ինք կու գայ յաւիտենականութենէն, միշտ ներկայ եղած է մարդկային բոլոր պատմութեան եւ, անոնց ստեղծագործութենէն ի վեր` ինք արդէն կը հետեւի անոնց կեանքին ու բարգաւաճումին։ Ինք գիտէ նաեւ անոնց ապագան մինչեւ յաւիտենականութիւն եւ որեւէ գաղտնիք չկայ որ ծածուկ ըլլայ իր առջեւ, այլ ամէն ինչ յայտնի է բիւրեղի նման։

Սակայն ինք եկած է աշխարհ փրկելու մարդիկը եւ ոչ թէ դատելու կամ դատապարտելու զանոնք։ Հրէայ ժողովուրդը անապատին մէջ կը տառապէր օձերու խայթոցներէն. կը բաւէր սակայն որ անոնք նայէին պղնձեայ օձին, իրենց աչքերը սեւեռէին դէպի այդ արձանը, որպէսզի զերծ մնային թոյնի ազդեցութենէն. Նոյնպէս ալ ներկայ ժողովուրդը Աստուծոյ, կը բաւէ որ իրենց աչքերը սեւեռեն խաչեալ Քրիստոսին, հաւատան իրեն եւ, իր կատարած գերագոյն զոհին արդիւնքով` պիտի փրկուին։

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, մեզմէ խնդրուածը փոքրիկ ջանք մըն է որպէսզի չդատապարտուինք յաւիտենապէս, այլ ընդունինք փրկութիւնը յաւիտենական։ Կրնանք մեր ազատ կամքովը հրաժարիլ այդ փրկութենէն եւ մնալ սատանայի ճիրաններուն մէջ. Սակայն լաւ մտածենք, կ՛արժէ արդեօ՞ք այս աշխարհի կարճատեւ մեր կեանքի ընթացքին վայելել մարմնաւոր բարիքները որոնք մեզի կ՛ընծայուին եւ զրկուիլ յաւիտենական երջանկութեան մեծագոյն բարիքէն. ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.